2013-03-15 12:37:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Կը Հանդիպի Կարտինալական Դասի Անդամներուն։


Այսօր ուրբաթ 15 մարտի առաւօտեան ժամը 11-ին, Վատիկանի Գլեմենթինա Սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Պապը պաշտօնական առաջին հանդիպում ունեցաւ Կարտինալական Համադասի բոլոր անդամներուն հետ։
Հանդիպումի սկիզբը յանուն Կարտինալական Դասին, Նորին Սրբութեան խօսք ուղղեց Կարտինալական Դասի գահերեց` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն որ մէջբերելով Սուրբ Պետրոսի Ա. թուղթէն հատուածը ըսաւ '' Իրարու ծառայեցէք, իւրաքանչիւրը իր ընդունած շնորհքին համաձայն, իբրեւ ընտիր տնտեսներ Աստուծոյ բազմապիսի շնորհքներուն....եթէ մէկը ծառայութիւն կ՛ապահովէ, թող զայն կատարէ Աստուծոյ տուած կարողութեան համաձայն, որպէսզի ամէն բանի մէջ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, Աստուած փառաւորուի'' ( Ա. Պետրոս 4, 10-11)։ Այս բառերով Կարտինալ Սոտանոն Նորին Սրբութեան վստահեցուց բոլոր կարտինալական դասին յանձնառումը։

Ապա խօսք առաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ. ''Աշխարհի բոլոր անկիւններէն բարձրացաւ Քրիստոնեայ Ժողովուրդի միասնական աղօթքը Նոր Քահանայապետին համար....եւ Ս. Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ամբոխին հետ ունեցած առաջին յուզումնալից հանդիպումին զգացումներով, կ՛ուզեմ իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս յայտնել բոլորին, անոնց ցուցաբերած մօտիկութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց կարտինալական դասին ու յատուկէն յիշեց իր Նախորդը, Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը, որ - ըսաւ Ան - մեր սրտերուն մէջ վառեց բոց մը որ մեզի պիտի ընկերանայ։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց օրուան հանդիպումին որպէս ''Եկեղեցական հաղորդութեան նշան'' եւ որպէս շարունակութիւն այս օրերուն ապրուած բարեկամութեան եւ փոխյարաբերական կապերուն։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ըսաւ թէ ''Մեր Միութիւնը միաձեւ չէ, այլ ներդաշնակութիւն մը որ հարստութիւն է բոլոր եկեղեցւոյ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կամք յայտնեց իր առաքելութիւնը կատարելու Աւետարանին ծառայելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.